ՏԵՂ. : Յ.Ն.Ս. 18.04.2011 - Թիւ 2
Նիւթ՝ Թուրքիոյ կողմէ Հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութեանց ճանաչման պահանջք
Փարիզ, Ֆրանսիա, 18 Ապրիլ 2011 թ.

ԴԻՄՈՒՄ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ
ՊԱՐՈՆ ԱՊՏԻՒԼԼԱՀ ԿԻՒԼԻՆ
ՊԱՐՈՆ ԱՊՏԻՒԼԼԱՀ ԿԻՒԼԻՆ
Պարոն Նախագահ,
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը եւ Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Համագումարը
(արձանագրուած՝ ՄԱԿ-ի հետեւեալ յանձնախումբերուն, WIPO - World Intellectual Property Organisation,
EMRIP - Expert Mechanism on the Rights of Indigenous Peoples եւ ECOSOC - Economic and Social Council),
ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութիւնը, նստավայր ունենալով Փարիզ,
ՖՐԱՆՍԱ՝ սոյն պաշտօնական նամակագրութեամբ կը պահանջէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան
Կառավարութենէն՝ պաշտօնապէս ճանչնալ 1894-1923 թթ. օսմանեան, երիտթուրքական եւ քեմալական
կառավարութիւններու կողմէ՝ հայութեան եւ հայկական քաղաքակրթութեան դէմ կատարուած
շարունակական ոճրագործութիւնը, այսինքն՝ հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութեան փաստը:
Թրքական կառավարութիւններու կողմէ նախապէս ծրագրուած եւ իրականացուած
ոճրագործութիւններու առ ի հետեւանք, հայութիւնը ունեցաւ մօտ երկու միլիոն նահատակ: Իսկ
բռնագաղթի, հայրենազրկման եւ ուծացման ենթարկուեցան աւելի քան մէկ միլիոն հայ:
Այսօր, որպէս բնիկ ժողովուրդ, մօտաւորապէս տասը միլիոն հայեր, Թուրքիոյ Հանրապետութեան
վարած հայատեաց քաղաքականութեան հետեւանքով՝ կ՛ապրին իրենց հայրենիքէն դուրս ու կ՛ենթարկուին
ձուլման եւ ոչնչացման՝ առանց իրենց ազատ, նախօրոք եւ լուսաբանված համաձայնութեան:
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը եւ Վտարանդի կառավարութիւնը կտրականապէս կը
մերժէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի քաղաքականացուած կեդրոնացումը միայն 1915 թուականի վրայ:
Ցեղասպանութիւնը սկսուած է 1894 թուկանէն Սասունի ջարդերով, որու նպատակով 1891
թուականէն նախապէս կազմուած էին համիտեան գունդերը:
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը եւ Վտարանդի կառավարութիւնը Թուրքիոյ կողմէ
իրականացուած ցեղասպանութեան փաստը կը բաժնէ երեք ժամանակաշրջաններու.
1. 1894 - 1896 թթ. Ապտիւլ Համիտ Բ-ի կողմէ կատարուած ցեղասպանութիւնը,
2. 1909 թ. Հայկական Կիլիկիոյ՝ Ատանայի ջարդերը, երիտթուրքերու կողմէ կատարուած
ցեղասպանութիւնը,
3. 1915 - 1923 թթ. երիտթուրքերու եւ քեմալական կառավարութեանց կատարած ցեղասպանութիւնը:
Ըստ այնմ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութենէն կը պահանջուի 1894 - 1923 թթ. հայերու
դէմ պետականօրէն ծրագրուած եւ իրականացուած ցեղասպանութեան փաստի ամբողջական ճանաչումը,
հիմնուած պատմական-իրաւական արխիւային հետեւեալ փաստաթուղթերու հիման վրայ.
- «1915 թ. մայիս 24-ին Երրեակ Համաձայնութեան տէրութիւնները՝ Մեծն Բրիտանեան, Ֆրանսան եւ
Ռուսաստանը, առաջինն էին, որոնք հանդէս եկան Օսմանեան կառավարութեան կողմէ հայերու
բնաջնջման քաղաքականութեան դէմ համատեղ մէկ յայտարարութեամբ, որով Օսմանեան
կառավարութեան կողմէ հայերու նկատմամբ ի գործ դրուած բռնութիւններն ու ջարդերը որակեցին իբրեւ
«Թուրքիոյ նոր ոճիրները ընդդէմ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան»:
- 1919 թ. Կ. Պոլսոյ Ռազմական յատուկ ատեանի վճիռները:
- 1965 - 2010 թթ. հայերի ցեղասպանութիւնը դատապարտած պետութիւններու ցանկը:
- 1984 թ. ժողովուրդներու մշտական ատեանի վճիռը:
- 1985 թ. ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց ենթայանձնախումբի որոշումը:
- 1987 թ. Եւրոպական Խորհրդարանի որոշումը:
- 2007 թ. «Բնիկ Ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին» Հռչակագիրը:
- 2011 թ. Արժանթինի Գերագոյն ատեանի վճիռը:

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Նախագահ՝
Պրն. Արմենակ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութեան Վարչապետ՝
Պրն. Տիգրան ՓԱՇԱԲԵԶԵԱՆ

Արևմտյան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդ
stat.gov.wa@haybachdban.org
http://www.western-armenia.eu/stat.gov.wa/arm/2011/Timoum-Nakhagah.Abdullah-Gyulin-18.04.2011.pdf

Aucun commentaire:
Enregistrer un commentaire